Thursday, April 20, 2017

Armenian Genocide Commemoration 102th Anniversary, Encino Ca,

april24flyer


Armenian Genocide Commemoration 102th Anniversary, Encino Ca, ( Full Video)


Welcoming  Committee Remarks B y O K. Avedikian 

Ապրիլեան Ոգեկոչում Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Մէջ



ԷՆՍԻՆՕ.- 19 Ապրիլ 2017ին, Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայկական Ֆերահեան Ազգային վարժարանէն ներս կազմակերպուած էր աւանդական դարձած Ապրիլեան յուշ-երեկոյ: ՀՅ Դաշնակցութեան շրջանի երեք՝ «Ռոստոմ», «Արշաւիր Շիրակեան», «Բաբգէն Սիւնի» կոմիտէութիւններուն եւ Պոլսահայ միութեան մասնակցութեամբ կազմակերպուած սոյն ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, որուն խօսքը կու տանք ստորեւ.

«Ես գիտե՛մ: Կարիքը չունիմ ոեւէ մէկու հաստատումին, որպէսզի վաւերացուի ա՛յն, ինչ գիտեմ:
Մենք գիտե՛նք: Գիտե՛նք, որ մեր մեծ հայրերն ու մայրերը, համակ մեր ժողովուրդը անտէր, անպաշտպան աքսորուեցան դէպի անապատի անծայրածիր աւազները, որպէսզի հո՛ն, միանալով ոչինչին՝ ազգովին ոչնչանան նաեւ իրե՛նք, յաւիտեան անհետացնելու համար խորենացիներու եւ կոմիտասներու հետքերը, որոնք տակաւին երէկ կը լուսաւորէին երկրագունդն ու մարդկային քաղաքակրթութիւնը:
Գիտե՛նք, որովհետեւ մենք ենք այդ ճողոպրած ազգին զաւակները: Մենք ենք, որ գիտենք ածխացած արմատներէն հանել աւիշ, սնուցանել սերմեր եւ կերտել համայնք, կերտել ազգ: Մեր Փիւնի՛կն է սա:
Թող ճանչնան, որ իրե՛նք մարդկայնանան: Թող ճանչնան, որ իրե՛նք քաղաքակրթուին: Թող ճանչնան, որ իրե՛նք ազնուանան: Բայց թող չճանչնան սոսկ այն բանին համար, որ 20րդ դարու մեծագոյն ոճիրը, Հայկական Ցեղասպանութեան անժխտելի իրողութիւնը վաւերականութիւն ստանայ: Այդ մէկուն մենք պէտք չունի՛նք, որովհետեւ՝ գիտե՛նք:
Մեզի համար Ցեղասպանութեան ճանաչումը երբե՛ք ինքնանպատակ չէ եղած: Եղած է ճնշումի միջոց՝ Թուրքիոյ վրայ, որ մեր ազգային պահանջատիրութեան արձագանգը հնչէ անլռելի յանձնառութեամբ, մինչեւ որ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքները ամբողջականօրէն վերահաստատուին:
Ռազմավարական այդ ճանապարհին վրայ, նոյն տրամաբանութեամբ ալ, առաջնահերթութիւն է այսօր հատուցման պահանջը՝ իր բոլոր երեսներով՝ տնտեսական, քաղաքական եւ հողային:
Բնաջնջման նենգ ծրագիրը մատնուեցաւ ձախողութեան՝ շնորհիւ այն հողին, որ սնուցանած էր վերապրողներու հոգիները եւ անոնց ներարկած էր պայքարելու աննկուն ոգին: Հո՛ղն էր, որ իրերայաջորդ սերունդներուն մէջ սահմանեց ազատատենչութեան տեսլականը եւ ազգային ինքնորոշման անսակարկելի ու անօտարելի պահանջատիրութիւնը:
Հո՛ղն է միայն, որ կրնայ երաշխաւորել ազգի մը գոյութիւնը եւ ըլլալ անոր բնական զարգացման խարիսխը: Այս իմաստով, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, զոր պէտք է հասկնալ իր ամբողջութեան մէջ, ներառեալ՝ Արցախը, կը հանդիսանայ այն կռուանը, ուրկէ պիտի մղուի Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի համար մեր պայքարը: Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան պահպանումը ապահով երաշխիքն է մեր գոյութեան: Գաղափարական ու քաղաքական այս հիմնական սկզբունքով է որ կ՛առաջնորդուի ՀՅ Դաշնակցութիւնը։
Անցած Ապրիլին, երբ ՀՅԴի կամաւորները ճակատ կը փութային, այդ քայլը կը բխէր մեր այս գաղափարական ու քաղաքական սկզբունքներէն: Նոյնն էր պարագան անցած Դեկտեմբերին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համադրաբար ստեղծուած պահեստազօրին: Հողը մեր վերապրումի եւ գոյութեան երաշխիքն է եւ անոր կա՛նչը, մեր ազգային պահանջատիրութեան մղիչ ուժը:
Ներկայ Թուրքիոյ ու յատկապէս բռնագրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ապրող հայերը մեր ազգին հարազատ զաւակներն են՝ ի՛նչ լեզու ալ խօսին, ի՛նչ կրօնք ալ դաւանին անոնք: Այո՛, անցած տասնամեակներուն յաճախ կրկնած ենք, թէ Եղեռնին իբրեւ հետեւանք՝ Արեւմտահայաստանի մէջ հայութիւն չմնաց: Կը փորձէինք գէթ այս ձեւով պաշտպանել հոն մնացած, ճողոպրած հայութիւնը, որպէսզի թրքական իշխանութիւնները հաշուեյարդար չտեսնէին անոնց հետ եւս: Սակայն, նոյնիսկ 1920ական եւ 30ական թուականներուն, գիտէինք, թէ հոն կարեւոր թիւով հայութիւն մնացած է: Ժամանակը հասած է, որ մեր ռազմավարական դիտարկումներուն մէջ այս պարագան իր կարեւոր տեղը ստանձնէ:
Այսօր, համազգային իմաստով, մեր դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները չափազանց բարդ են ու բազմաշերտ՝ մեր երկրին մէջ ԻՍԿԱԿԱՆ նոր սկիզբի ձեւակերպումէն սկսեալ մինչեւ խարսխուած արդար կարգերու հաստատումը: Յանձնառութիւնը, հաւատքը, ժողովուրդի շահերէն թելադրուած ղեկավարումը եւ ներգործօն մասնակցութիւնը կարեւոր հանգամանքներ են այս ճանապարհին վրայ: Վերջերս հաստատուած սահմանադրական փոփոխութիւնը կը ստեղծէ օրինական ենթահողը ՆՈՐ սկիզբի այս ըմբռնումին: Սակայն, պէտք է անոր առընթեր տեղի ունենայ նաեւ հոգեփոխութի՛ւն, որ կարելի կը դարձնէ կրաւորականութեան, «սինիսիզմի» եւ անձնատուր մտասեւեռումի վանումը մեր ներաշխարհէն, մտածելակերպէն: Այս մէկը կարելի է նուաճել միա՛յն ներհայկական հակադրութիւններու շինիչ եւ անկեղծ դրսեւորումով ու պայքարի նոր որակով, որուն թէ՛ մեկնակէտը եւ թէ վերջնակէտը պէտք է ըլլայ մեր ազգային շահերու սրբազան տեսլականը:
Այս իմաստով ալ, պարարտ է հողը՝ կառուցելու ազգային-գաղափարական ըմբռնումներով առաջնորդուող նոր սկիզբ մը. կառուցելու այն Հայոց աշխարհը, ուր ներկայացուած ըլլայ մեր ժողովուրդը՝ իր հարուստ եւ ամբողջական խճանկարով, օժտուած շինիչ ընդդիմութեան ընձեռած կարելիութիւններով:
Ցաւօք սրտի, պարարտ է նաեւ հողը անսկզբունք ամբոխավարներուն համար, որոնք պատրաստ են իրենց անհատասիրութեամբ, կամ այլ ապազգային հաշիւներով, շահագործելու մեր ժողովուրդի արդարացի վիշտը եւ անզօրութեան օտարածին զգացումները:
Այս իմաստով, պէտք է ըլլալ զգօ՛ն: Անհրաժեշտ է նախ մերկացնել այս միտումները, ապա մերժե՛լ զանոնք, որոնք կը վտանգեն մեր ազգային շահերը: Թարմացնող երեւոյթ էր այս մօտեցումներու կտրուկ մերժումը մեր ժողովուրդին կողմէ, ասկէ քանի մը շաբաթ առաջ, երբ ան մերժեց այս պարտուողական վարքագիծը քարոզողները:
Մեր պայքարի ուղեցոյցը մեր գերագոյն նպատակներու իրագործման խնդիրն է: Երբե՛ք պէտք չէ կիզակէտը շեղել այս ուղիէն: Ահա հո՛ս է, որ կ՛արժեւորուի եւ այժմէականութիւն կը ստանայ Քրիստափոր Միքայէլեանի «Յարատեւ կռիւ»ի կոչը: Հարիւրամեակի օրերէն մինչեւ այսօր, Թուրքիան կը փորձէ ուղղակի կամ անուղղակի հարուածներ հասցնել հայութեան եւ Հայաստանին: Ասոր փաստերն են՝ Տէր Զօրի յուշահամալիրի ականահարումը, Հալէպի հայաշատ թաղամասերու եւ ազգային հաստատութիւններու ռմբակոծումը, Քեսապի տեղահանութիւնը եւ վերջապէս՝ Ապրիլեան պատերազմը, երբ փորձ եղաւ ճեղքելու հայկական պաշտպանութեան գիծը, հասնելու համար Ստեփանակերտ: Սակայն հայկական բանակի մարտունակութեան շնորհիւ, կարելի եղաւ խորտակել այս ծրագիրը:
Քրիստափորի «Յարատեւ կռիւ»ի կոչը, խորքին մէջ, մեր գոյութեան սպառնացող բոլոր վտանգներուն նկատմամբ աչալուրջ ըլլալն է, հսկո՛ղ պահակը, որովհետեւ մեր ճակատագիրը երբե՛ք չի կրնար կախեալ ըլլալ ուրիշներու գութէն կամ ողորմածութենէն: «Յարատեւ կռիւ»ը այն շաղախն է, որ կանգուն կը պահէ մեր ազգային պահանջատիրութեան գաղափարական պարիսպը: Այսպէս՝ «Նեմեսիս» գործողութիւնը որոշուեցաւ ՀՅԴ 9րդ Ընդհանուր ժողովին կողմէ, Երեւանի մէջ, 1919ին: Արմէն Գարօ նշանակուեցաւ իբրեւ ընդհանուր պատասխանատու այս գործին: «Նեմեսիս»ի գաղափարական հենքը այն էր, որ անպատիժ պէտք չէ մնան հայութեան դէմ ոճիր գործած պատասխանատու անձերը: Այս մէկը կը բխի համայն հայութեան շահերը պաշտպանելու՝ Դաշնակցութեան սկզ-բունքային կեցուածքէն:
Կան ինքնապաշտպանութիւնը սքանչելի միասնականութեամբ կազմակերպելու բազմաթիւ օրինակներ եւս, որոնք կը բխին նոյն տրամաբանութենէն: Օրինակ՝ 1895-96ին, Վանի մէջ. 1915ին՝ դարձեա՛լ Վանի մէջ. Մուսա լեռը, Շապին Գարահիսարն ու Ուրֆան… Այս միասնականութեան արդիւնքն էին նաեւ Մայիս 22, 1918ին սկսած Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի (այժմ՝ Վանաձոր) հերոսական կռիւները: «Յարատեւ կռիւ»ի կոչէն սնանած անդրդուելի միասնականութիւն, որ ժողովրդային ու համազգային գետնի վրայ սքանչելի՛ կերպով արտայայտուեցաւ նաեւ անցած Ապրիլին, Հայաստանի՛ մէջ:
Գիտե՛նք: Մեր կեանքն ու անցած ճանապարհը այնքա՜ն յստակ ու ջինջ հետք են թողած, որ կարիքը չկայ խաւարամած անկիւններ պեղելու, որպէսզի իրականութիւնը յայտնուի: Գիտե՛նք: Լա՛ւ գիտենք:
Մերը պարզապէս պահանջ է: Կը պահանջենք մեր ժողովուրդի բնաջնջուած հատուածի, խոշտանգուած հոգիներու արեան գինը, որպէսզի անոնց յաւիտեան նինջը գտնէ իր անդորրը:
Կը պահանջենք մեր հողերը, մեր տուները, մեր եկեղեցիները, որոնք մնացած են անտէր՝ օտարի լուծին տակ:
Մեր հողերը, մեր երդիքները, որոնց հիմերուն մէջ ապաստանած հայու քրտինքն ու արիւնը դարէ մը աւելի վերապրած է՝ իր ճողոպրած զաւակներուն վերամիանալու ցանկութեամբ: Կը պահանջենք ու կը պայքարինք, որ վերականգնի մեր ազգային արժանապատուութիւնը, վերահաստատուի մեր ամբողջականութիւնը՝ բոլոր մակարդակներու վրայ: Կը պահանջե՛նք եւ կ՛ուխտե՛նք…
Կ՛ուխտենք յամառօրէն շարունակել տասնամեակներէ ի վեր ծաւալուող պայքարը: Այս պայքարը դադրեցնելը համազօր է պարտութեան: Հետեւաբար, պայքա՛ր, պայքա՛ր, պայքա՛ր, մինչեւ յաղթանա՛կ»:

No comments:

Post a Comment