ԴՈԿՏ. ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽՈՍՐՈՎ ԵՊՍ. ԷՄԻՐԶԷԵԱՆԻ ԿԵԱՆՔԻՆ
Այսօրուընէ սկսեալ, մեր Գ. էջի վրայ կը հրատարակենք դոկտ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճեանի ստորագրութեամբ ընդարձակ եւ վերլուծական ուսումնասիրութիւն մը՝ նուիրուած Խոսրով եպսկ. Էմիրզէեանի կեանքին եւ ծառայութեան։ «Հոգեւոր կոչում եւ մարդկային փորձութիւն» խորագրով աշխատութիւնը կը լուսաբանէ կեանքի ուղին հոգեւորականի մը, որ նշանակալի դեր ունեցած է Պոլսոյ հայ եկեղեցական կեանքի նորագոյն պատմութեան մէջ։ Այդ ճամբան կը սկսի մանկութեան տարիներէն մինչեւ եպիսկոպոսական բարձր աստիճան եւ անոր յաջորդող դժուար հանգրուանները։
Յօդուածը միայն կենսագրական անդրադարձ չէ$, այլ պատմագիտական դիտարկում մը, որ երեւան կը հանէ անհատական ճակատագրի եւ հաստատութենական իրականութեան իրարու հետ հատման կէտերը՝ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան փոխյարաբերութիւններու լոյսին տակ։
Նարեկ քահանան փաստագրական աղբիւրներու եւ վկայութիւններու հիման վրայ կը փորձէ վերակազմել այն միջավայրը, ուր հոգեւոր կոչումը կը բախի մարդկային սահմանափակումներուն եւ ժամանակի դժուար պայմաններուն։ Այս ուշագրաւ ուսումնասիրութիւնը ոչ միայն անցեալի դէպք մը կը ներկայացնէ, այլ նաեւ խորհելու առիթ կու տայ հոգեւոր պատասխանատուութեան, ինքնութեան եւ եկեղեցական ծառայութեան նուրբ յարաբերութեան շուրջ։
No comments:
Post a Comment