Thursday, June 4, 2026

«ՏՈՔԹՈՐ»Ի ԿՈՉՈՒՄ՝ ԺՊԻՏ ՏՈՒՐՍՈՒՆ-ՈՒՆՃՈՒԻՆ




 

 
 




«ՏՈՔԹՈՐ»Ի ԿՈՉՈՒՄ՝ ԺՊԻՏ ՏՈՒՐՍՈՒՆ-ՈՒՆՃՈՒԻՆ
«Գուրպան պայրամ»ի տօնական օրերու սեմին, Սահակեան-Նունեան վարժարանի ընտանիքը յատուկ յայտարարութեամբ մը հաղորդեց թէ վարժարանի 2000-2001 տարեշրջանի շրջանաւարտ Ժպիտ Տուրսուն-Ունճու արժանացած է «Տոքթոր»ի աստիճանի, իր գիտական յաջողութեամբ նոր հպարտութիւն պատճառելով թէ՛ իր ընտանիքին, թէ՛ վարժարանին եւ համայնքին։
Ժպիտ Տուրսուն-Ունճու իր համալսարանական առաջին ուսումը ստացած է Մարմարա համալսարանի ֆրանսերէնի ուսուցչութեան բաժանմունքին մէջ։ Այնուհետեւ 2010-2013 թուականներուն երկրորդ համալսարանական աստիճան ստացած է Փարիզ 8 Սէն-Տընի-–Վենսէն համալսարանի հոգեբանութեան բաժանմունքէն։
Ան հետագային մասնագիտացած է հոգեբանութեան եւ նեարդագիտութեան բնագաւառներուն մէջ՝ 2013-2015 թուականներուն աւարտելով հոգեբանութեան մագիստրոսական ծրագիրը, ապա 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանին՝ «նեարդահոգեբանութեան» մագիստրոսական ուսումը։
Իր մասնագիտական գործունէութեան ընթացքին Ժպիտ Տուրսուն-Ունճու աշխատած է «տեմանս»ի զանազան ձեւերը ախտորոշելու եւ հիւանդներու յիշողութիւնը արժեւորելու, ինչպէս նաեւ տեմանսի եւ կաթուածի հետեւանքով յիշողութեան կորուստը վերականգնելու ոլորտներուն մէջ։
Ժպիտ Տուրսուն-Ունտու տոքթորայի համար իր հետազօտութիւնները իրականացուցած է Իսթանպուլի համալսարանի Առողջապահական գիտութիւններու հիմնարկի Նեարդագիտութեան բաժնին կից «Առաջաւոր նեարդաբանական գիտութիւններ»ու տոքթորայի ծրագրին մէջ։ Տոքթորայի աստիճանին արժանացած է Ալցհայմըրի հիւանդութեան սկզբնական փուլերուն յիշողութեան գործընթացներուն վերաբերեալ իր գիտական ատենախօսութեամբ։
Կը շնորհաւորենք Ժպիտ Տուրսուն-Ունճուն այս նշանակալի յաջողութեան առիթով։
See less
"DOKTOR" BAŞLIĞI, GÜL TURSUN-UNCHUIN
"Gurpan Payram" tatili döneminde, Sahakean-Nunean okulu ailesi özel bir duyuruyla okulun 2000-2001 yılı mezunu Zhpit Tursun-Unchu'nun "Doktor" derecesine layık görüldüğünü duyurdu, bilimsel başarısı ile hem ailesine hem okula hem de okuluna yeni bir gurur yaşattı topluluk.
Zhpit Tursun-Unchu ilk üniversite eğitimini Marmara Üniversitesi Fransızca öğretmenliği bölümünde aldı. Daha sonra 2010-2013 yılında Paris 8 Saint-Ton-Vensen Üniversitesi Psikiyatri Bölümü'nden ikinci üniversite diplomasını aldı.
Psikoloji ve sinirbilim alanında uzmanlaşmıştır, 2013-2015 yıllarında psikiyatri yüksek lisans programını tamamlayarak, 2015-2016 akademik yılında "nöropsiko" yüksek lisans eğitimi almıştır.
Zhpit Tursun-Unchu, mesleki faaliyetleri sırasında çeşitli "temans" formlarını tespit etmek ve hastaların hafızasına değer vermek, aynı zamanda temans ve felç sonucu hafıza kaybını gidermek için çalıştı.
Zhpit Tursun-Untu, İstanbul Üniversitesi Sağlık Bilimleri Enstitüsü Sinir Bilimleri Bölümü'ne bağlı "İleri Nöroloji Bilimleri" doktora programında doktora için araştırma yaptı. Doktora derecesi Alzheimer Bozukluğu'nun erken evrelerinin hafıza süreçleri üzerine yaptığı bilimsel anlatımı ile ödüllendiriliyor.
Zhpit Tursun-Unchu'yu bu önemli başarısından dolayı tebrik ediyoruz.
..


--  

No comments:

Post a Comment